2014-08-12 12:05:40

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգմաը` ''Mas por Menos'' Արժանթինի ազգային 45-րդ դրամահաւաքին առթիւ։


Երեքշաբթի, 12 օգոստոս 2014-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինը, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, ''Mas por Menos'' Արժանթինի ազգային 45-րդ դրամահաւաքին առթիւ, պատգամ մը ուղղեց, ''կարիքաւոր մարզերու օգնութիւն'' Եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ` գերապայծառ Ատոլֆօ Արմանտօ Ուրիոնայի, որուն մէջ կը յայտնէ թէ ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ուրախութեամբ կ՛ողջունէ “Más por Menos” ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու մասնակցիները որ այս 45-րդ տարուայ առթիւ որպէս բնաբան ընտրած են ''Շնորհակալութիւն օգնութեանդ համար'' կարգախօսը։
''Այս առթիւ, կը գրէ Կարտինալ Փարոլինը, Քահանայապետը ձեզ կը քաջալերէ պարզ ու յստակ կերպով, նիւթականէն անջատումի հոգիով եւ առատաձեռնութեամբ, ապրելու Յիսուսի հրաւէրը ըլլալու` երկրի աղը եւ աշխարհի լոյսը, ձեր հաւատքի վկայութեան միջոցաւ, եղբայրական սիրոյ, չքաւորներու հետ բաժնեկցութեան եւ զօրակցութեան հոգիով, անոնց մէջ տեսնելով Քրիստոսի դիմագիծը''։
''Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ որ երբեք չի դադրիք աղօթել իրեն եւ Եկեղեցւոյ ի սպաս իր ծառայութեան համար ու միեւնոյն ատեն Լույանի Տիրամօր բարեխօսութեան կը յանձնէ այս ձեռնարկի արդիւնքները ու բոլոր անոնք որ ձեռնարկին կը մասնակցին ու բոլորին կու տայ իր առաքելական օրհնութիւնը''։ Կը գրէ Պետական քարտուղարը պատգամը աւարտելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.